Գլխաւոր Էջ
Արշիլ Կորքի, աւազանի անունով՝ Ոստանիկ Ատոյեան (15 Ապրիլ, 1904 - 21 Յուլիս, 1948), ամերիկահայ գեղանկարիչ։ Կորքի հիմնական դեր ունեցած է գեղանկարչութեան վերացական արտայայտչապաշտ ուղղութեան վրայ։ Ռոթքոյի, Ճեքսըն Փոլոքի եւ Ուիլիըմ տը Քունինկի հետ միասին, Կորքի հռչակուած եւ ընդունուած է իբրեւ Ի. դարու ամերիկացի ամէնէն ազդեցիկ նկարիչ-գծագրիչներէն մէկը։ Անոր գործերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն ազդեցութիւնը կը կրեն։ Ոստանիկ Ատոյեան (Մանուկ) ծնած է 1902-1904, Վանի մօտակայքը գտնուող Խորխոմ գիւղը, Վանայ լիճի ափին՝ ըլլալով ծնողներու Բ. ամուսնութեան երկրորդ զաւակը։ Հայրը`Սեդրակ, երեսունի վերջերուն, ագարակապան եւ ձեռներէց մարդ էր, այրի՝ մէկ զաւակով: Մայրը՝ Շուշան, տասնվեց տարեկան, նոյնպէս այրի էր, ամուսինը կորսնցուցած՝ 1896-ի ջարդերուն․․․ Աւելին⇒
|
Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։
|
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 11 697 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝